ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան 10 Ապրիլին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ նախարարութիւնը կառավարութեան պիտի առաջարկէ երկարաձգել արտակարգ դրութիւնը՝ «Քորոնա»ի դէմ պայքարի գործողութիւններուն շարունակականութիւնը ապահովելու համար։
Ըստ անոր՝ ցարդ Հայաստանի մէջ կատարուած են «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման շուրջ 6500 քննութիւններ, իսկ յառաջիկայ օրերուն աւելի մեծ թիւով քննութիւններ պիտի կատարուին։ «Մենք արել ենք ուղիղ այնքան թեստ, որքան եղել է ցուցում` մեր կողմից մշակուած, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնների կողմից խորհուրդ տրուող չափանիշներով: Այդ չափանիշներն այսօրուանից ընդլայնուել են, եւ մենք աւելի շատ թեստեր կ’իրականացնենք` կապուած նաեւ համաճարակաբանական վիճակով, այդ ամէնը պայմանաւորուած է հիւանդացութեան տարածուածութեամբ: Եւ ամէնօրեայ կատարուող թեստերի քանակը կ՛աւելանայ: Մենք նպատակ ունենք դրանց թիւը հասցնել օրական 1000ի», յայտնեց Թորոսեան:
Ան շեշտեց, որ տակաւին կարելի չէ ըսել, թէ այս ժահրին տարածումը կանգ առած է։ «Եթէ նախկինում մէկ աղբիւրից լինում էր օրինակ 50 դէպք, ապա այսօր արդէն շատ աւելի քիչ, սակայն, օրինակ, 10 տարբեր աղբիւրներից: Երկրում գործող սահմանափակումների հնարաւոր փոփոխութիւնը միայն թուերով չպէտք է պայմանաւորել», ըսաւ նախարարը։ Այս իրողութենէն մեկնած՝ ան դիտել տուաւ, որ կարելի չէ թիւերու նահանջը վերագրել տարածման դանդաղելուն, որովհետեւ խորքին մէջ վարակման պարագաները մէկէ աւելի աղբիւրներէ են, ուրեմն վարակման հաւանականութիւնը բարձր է։ «Թէեւ վերջին օրերին կորոնավիրուսի հաստատուած դէպքերի թիւը Հայաստանում անկում է ապրում, սակայն նկատելի է աղբիւրների բազմազանութիւն. չպէտք է թուլանալ ու լինել աւելի հանգիստ», աւելցուց նախարար Արսէն Թորոսեան:
Ըստ անոր` փոխանցման շղթաները կոտրելու գործողութիւնները պէտք է ըլլան երկարատեւ: «Դրա պատճառներից մէկն էլ այն է, որ կորոնավիրուսի ինկուբացիոն (թխսումի-Խմբ.) շրջանը բաւականին երկարատեւ է եւ այն բաւական դանդաղ է դուրս գալիս օրգանիզմից, նոյնիսկ այն դէպքերում, երբ պացիենտը (հիւանդը) որեւէ նշաններ չունի: Հետեւաբար, հետեւութիւններ անելու համար դեռ շատ վաղ է, եւ պէտք է մեր զգօնութիւնը չկորցնենք եւ շարունակենք բոլոր գործողութիւնները` նոյնիսկ աւելի լայն թափ տալով այն գործողութիւններին, ինչ արել ենք մինչեւ օրս», նշեց նախարարը՝ շեշտելով, որ իրենց հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ հիւանդներուն թիւը կառավարելի ըլլայ եւ հակակշիռէ դուրս չգայ։