ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները մինչեւ 15 Մայիս երկարաձգեցին քաղաքացիներուն շրջագայութիւնները արգիլող հրահանգը՝ աւելցնելով, որ տուն մնալու հրահանգը մեծ մասամբ յարգելով է, որ գաւառին բնակչութիւնը կրցած է դանդաղեցնել վարակին տարածումը։
Միւս կողմէ, 12 Ապրիլի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 31 քաղաքացիներ եւս մահացած են գաւառին տարածքին, եւ արձանագրուած են վարակման 323 նոր պարագաներ, ինչ որ 133ով նուազ է մէկ օր առաջուան տուեալէն։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 9192 վարակումներ եւ 296 մահեր։ Քննութիւններուն թիւը սկսած է բարձրանալ, հասնելով 47,000ի։
Լոս Անճելըս գաւառին տուեալներուն համաձայն՝ մահացողներուն 83 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունեցած է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.publichealth.lacounty.gov կայքը։