ՍԱԹԵՆԻԿ (ԿԱՐՊՈՒՇԵԱՆ) ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Ապրիլ 13, 1939ին, Քեսապ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Սաթենիկ Նալպանտեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020ին։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Սահակ Նալպանտեան
Զաւակը՝ Րաֆֆի եւ Լիզա Նալպանտեան եւ զաւակները՝ Անի, Վահէ եւ Արմէն
Զաւակը՝ Աւետիս եւ Արմինէ Նալպանտեան եւ դուստրը՝ Թալին
Քոյրը՝ Սալբի Խուստեքեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Զարուհի Օլմասաքեան եւ զաւակները
Հանգուցեալ եղբօր` Վարդանի, կինը՝ Մարգարիտ Կարպուշեան եւ զաւակները
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հայ Օգնութեան Միութեան (Armenian Relief Society, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202) կամ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ (Armenian Church of Crescenta Valley, P.O.Box 12056, La Crescenta, CA 91224):
ՍԱԹԵՆԻԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութեան եւ Հոգեբանական բաժինի տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍԱԹԵՆԻԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍԱԹԵՆԻԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆի՝ Քրեսենթա Հովիտի Հայց․ Առաքելական եկեղեցւոյ Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍԱԹԵՆԻԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։