ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղտալեան մեկնաբանեց թրքական կողմին յայտարարութիւնը, թէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ, Հայաստան օգնութիւն խնդրած է Թուրքիայէն, եւ վերջինս պատրաստ է այդ օգնութիւնը տրամադրելու: Նոյն ժամանակ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ հրաւիրեց Թուրքիոյ մօտ Չինաստանի դեսպանը` Հայաստանին տրամադրուած օգնութեան արկղերուն վրայ գրառման վերաբերեալ պարզաբանում տալու համար:
Նաղտալեան դիտել տուաւ, որ նախարարութիւնը արդէն նշած էր, թէ Հայաստանի կողմէ շարունակական ջանքերու կը ձեռնարկուին այսօր դժուար կացութեան մէջ յայտնուած Հայաստանի քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ` յատկապէս այն երկիրներէն, ուր լայն տարածում գտած է այս համաճարակը: «Այս համատեքստում պէտք է նշեմ, որ արդէն իսկ Ուրբաթ օրը Հայաստան են տեղափոխուել Թուրքիայում գտնուող եւ վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած մեր 73 քաղաքացիներ. այս հարցում ՀՀ ԱԳՆ պաշտօնական օղակները համագործակցել են թուրքական եւ վրացական համապատասխան մարմինների հետ: Թուրքական կողմի հետ համագործակցութիւնը սահմանափակուել է միայն այս շրջանակով, եւ Հայաստանը չի դիմել այս շրջանակից դուրս որեւէ այլ աջակցութեան խնդրանքով», յայտնեց բանբերը:
Աննա Նաղտալեան հաստատեց, որ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող Հայաստանի ցամաքային շրջափակման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ երկու երկիրներուն փոխգործակցութեան կարելիութիւնները էականօրէն սահմանափակ են եւ կը պահանջեն իրական բարի կամք եւ վստահութեան ստեղծում: «Ցաւօք սրտի, թուրքական կողմից կորոնավիրուսի դէմ պայքարի համատեքստում հնչած որոշ յայտարարութիւնները չեն նպաստում համագործակցութեան ապաքաղաքականացուած եւ մարդասիրական միջավայրի ձեւաւորմանը: Յատկապէս ափսոսանքի է արժանի երրորդ երկրի կողմից Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան, ժողովուրդների բարեկամութեան եւ ազգային խորհրդանիշների հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքը ու անհարկի քաղաքականացումը», յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղտալեան։