ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի, Շուշիի ազատագրութեան եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմին տարուած յաղթանակի օրերուն տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն՝ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու քայլերու ծիրին մէջ, պիտի սահմանափակուի քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջի ուղիղ եթերով յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Այս միջոցառումներին քաղաքացիների մասնակցութիւնը պէտք է սահմանափակուի: Եթէ մենք թոյլ տանք, որ մասնակցութիւնը լինի սովորական ընթացակարգով, ապա կ’ունենանք կորոնավիրուսի համավարակի անվերահսկելի բռնկում: Ապրիլի 24ին, Մայիսի 8ին եւ 9ին տեղի կ’ունենան միայն արարողակարգային միջոցառումներ, զանգուածային միջոցառումներ չեն լինի», տեղեկացուց Փաշինեան: