ԳՈՒՄԱՐԷՆ 6 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐԸ ԳԱՆՁԱԾ ԵՆ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը անդամալուծած «Քորոնա» ժահրին հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով, Քոնկրեսին վաւերացուցած 2․2 եռիլիոն տոլարի օժանդակութեան ծրարին մաս կը կազմէր փոքր ծաւալի գործարարութիւն կատարողներուն յարմար պայմաններով վարկերու 350 միլիառ տոլարի ծրագիր մը, որմէ կրցած են օգտուիլ մօտաւորապէս 1․6 միլիոն գործարարներ, իսկ տասնեակ հազարաւոր ուրւշներու դիմումները մերժուած են՝ գումարներու անբաւարարութեան պատճառով։
Քոնկրեսը սկսած է քննարկել գործարարներու օժանդակութեան յատուկ նոր ծրար մը։
Յատկանշական է, որ 350 միլիառ տոլարէն 6 միլիառ տոլար իւրացուցած են այն դրամատուները, որոնց միջոցաւ կատարուած են վարկերուն փոխանցումները։