ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 2 Ապրիլի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 56 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին, արձանագրուեցան վարակման 1541 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 22,485 վարակումներ եւ 1056 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւնները կը շարունակեն բազմանալ եւ անցան 139,000ի սահմանը։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 49,000 վարակումներ եւ շուրջ 1900 մահեր։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները հաղորդեցին, որ ժահրէն տուժած յղի կանաց եւ անամուսին մայրերուն համար ուտեստեղէնի յատուկ օժանդակութիւններ սահմանուած են։ Ուտելիքի անապահովութիւն եւ այլ դժուարութիւններ դիմագրաւողները կրնան դիմել (888) 942-2229 թիւին կամ այցելել phfewic.org կայքը:
Մանուկներու խնամքի ծառայութիւններ եւս տրամադրելի են նշեալներուն։ Այս գծով կարելի է դիմել (888) 922-4453 թիւին կամ այցելել lacoe.edu/childcare կայքէջը:
Հոգեբանական աջակցութեան ծառայութիւններու համար կարելի է դիմել այդ մարզի մասնագետներուն՝ (800) 854-7771 թիւով։