ԹԵՀՐԱՆ․- «Սուրիոյ տագնապը լուծելու Ասթանայի հոլովոյթը շրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման համար կարեւոր եւ հիմնական քայլ մըն է», մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի:
«Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներուն՝ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները վերջերս իրենց գումարած տեսաժողովին ընթացքին հաստատեցին Ասթանայի ժողովները շարունակելու կարեւորութիւնը», նշեց ան:
Մուսաւի յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ երաշխաւոր երկիրները «Քորոնա» ժահրի համաճարակին աւարտէն ետք Թեհրանի մէջ պիտի գումարեն իրենց ժողովը: