ԵՐԵՒԱՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Կազմակերպուած յանցագործութիւններու եւ զեղծարարութիւններու բացայայտման միջազգային լրագրական կազմակերպութեան (OCCRP) կողմէ հետաքննութիւն մը բացայայտեց, որ արտասահմանցի շինարարները Ատրպէյճանի մէջ սարսափելի պայմաններու մէջ կ՛աշխատին եւ կ՛ապրին:
«Ստրուկներ Յանուն Զարգացման» խորագրուած տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ Պալքանեան երկիրներէ աշխատաւորներ Ատրպէյճան եկած են SerbAz ընկերութեան միջոցով, որ կը պատկանի Ատրպէյճանի մարզանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ազատ Ռահիմովի կնոջ եւ անոր գործընկերներուն: Ռահիմով եւ անոր կինը՝ Զուլֆիան եւ անոնց գործընկերները մերժած են պատասխանել հետաքննութիւնը իրականցուցած լրագրողներուն հարցումներուն:
«Փորձեցինք կապուիլ դեսպանատուներուն, նախարարութիւններու եւ նախարարին ազգականներուն հետ, բայց անոնք նոյնպէս չպատասխանեցին», ըսաւ լրագրողներէն մէկը։
Աշխատաւորները պատմած են, որ Պաքուիի օդակայանին մէջ իսկ իրենցմէ խլուած է բոլոր անձնագիրները եւ զիրենք փոխադրած են առաւել քան երկու մեթր բարձրութեամբ պարիսպով եւ մօտաւորապէս 100 բնակիչ ունեցող տուն մը եւ զգուշացուցած, որ միայն արտօնութեամբ կրնան դուրս ելլել:
Աշխատանքային պայմանները շատ ծանր եղած են․աշխատանքը կը սկսի առաւօտեան ժամը 5ին եւ կ՛աւարտի երեկոյեան ժամը 9ին: «Կարծես համակենդրոնացման ճամբարի մէջ էինք», կը նկարագրէ ան՝ աւելցնելով, որ քանի մը աշխատաւորներ մահացած են, իսկ քանի մը ուրիշներ ծեծի ենթարկուած: Անոնց տրուած վարձատրութիւնը, որ խոստացուածէն շատ աւելի պակաս եղած է, աւելիով կրճատուած է գործատէրերուն սահմանած կամայական տուգանքներուն պատճառով։
Այժմ ջանք կը տարուի հարցը Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան հասցնելու։
«Այսպէս կը պատահի, երբ մէկ ընտանիք երկար ժամանակ կը մնայ իշխանութեան վրայ եւ կը կարծէ, որ երկիրը իր եւ իր գործակիցներուն սեփական կալուածն է», կ՛եզրակացնէ տեղեկագիրը։