ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Արգիշտի Քեարամեանը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) փոխտնօրէն նշանակելով։ «Արմէնփրէս»ին այս մասին յայտնեցին նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 133րդ յօդուածի 1ին մասի, ինչպէս նաեւ «Ազգային անվտանգութեան մարմիններում ծառայութեան մասին» օրէնքի 18րդ յօդուածի 2րդ մասի. Արգիշտի Քեարամեանին նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ», կ՛ըսուի նախագահին հրամանագիրին մէջ:
Մինչ ԱԱԾի փոխտնօրէնի պաշտօնին նշանակուիլը՝ Արգիշտի Քեարամեան վարչապետին որոշումով արձակուած էր Քննչական կոմիտէի փոխնախագահի պաշտօնէն, իսկ Քննչական կոմիտէի փոխնախագահի պաշտօնին ան նշանակուած էր 4 Մայիսին՝ արձակուելով Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետի տեղակալի պաշտօնէն։
Իսկ Ալբերտ Աբգարեան, Նիկոլ Փաշինեանի մէկ այլ որոշման հիման վրայ, նոյնպէս աձակուեցաւ պետական վերահսկողական ծառայութեան փոխղեկավարի պաշտօնէն:
Վարչապետը ղեկավարի նոր տեղակալներ նշանակեց նաեւ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմինին մէջ. անոնք են՝ Գոհար Դարբինեան եւ Սուրէն Ամիրեան։
Նիկոլ Փաշինեանի մէկ այլ որոշումով, Սիւզաննա Բարսեղեան նշանակուեցաւ վարչապետի օգնական։