«Եւա» ֆիլմը արտադրողները կը տեղեկացնեն, թէ այսուհետեւ կարելի է ֆիլմը վարձելով՝ դիտել «Վիմէօ» կայքին միջոցաւ, աւելցնելով, որ որոշած են նաեւ նիւթապէս աջակցիլ Արցախի մէջ ականազերծում իրականացնող «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան, կրկնապատկելով վարը յիշուած կայքին միջոցաւ անոր կատարուող նուիրատուութիւններուն գումարը։
Բեմադրիչ Անահիտ Ապատիի «Եւա» ֆիլմը Հայաստան-Իրան համաարտադրութիւն է։ Անիկա պատմութիւնն է կնոջ մը, որ Արցախի պատերազմին ընթացքին կորսնցուցած է իր ամուսինը եւ կ՛ուզէ մոռնալ տարիներ առաջ իր կեանքին մէջ տեղի ունեցած մութ ու ծանր պատմութիւնը: Եւան իր դստեր՝ Նարէին հետ կը հեռանայ Երեւանէն եւ կը հաստատուի Արցախ, սակայն, անցեալը ամէն տեղ կը հետապնդէ զինք:
Ֆիլմը դիտելու համար այցելել https://vimeo.com/ondemand/yeva կայքէջը, իսկ ուղղակի «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան նուիրատուութիւն կատարելու համար՝ https://halotrust.org/donate-nk կայքէջը։