ԼՈՆՏՈՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- 6 Մայիս ի տուեալներով, աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 3․8 միլիոնի, իսկ զոհերուն թիւը՝ 260,000ի։ Առողջացած են աւելի քան 1.6 միլիոն վարակուածներ։
Աւելի քան 30,000 զոհեր ունեցող Բրիտանիա առաջ անցաւ Իտալիայէն, ուր մահացած են 29,315 անձեր։
1.25 միլիոն վարակուածներ ունեցող Միացեալ Նահանգներու մէջ զոհերուն թիւը անցաւ 72,500 սահմանը, մինչ Ռուսիոյ մէջ յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով արձանագրուեցան 10,000էն աւելի նոր վարակումներ եւ այժմ հոն կան մօտաւորապէս 165,000 վարակուածներ։
Պոննի համալսարանի հետազօտողներ ազդարարեցին, որ աստիճանաբար մեկուսացման պայմաններուն վերջ դնող Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը հաւանաբար ցարդ բացայայտուածէն տասը անգամ աւելի մեծ է, յիշեցնելով, որ վարակիչ այս հիւանդութեան մարդոց միայն մէկ մասին մօտ ախտանիշները ցոյց կու տան, ինչ որ ամենավտանգաւոր հանգամանքն է համաճարակին։
Մինչ այդ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նշեց, թէ չունի որեւէ ապացոյց, որ կը հաստատէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին պաշտօնատարերուն այն յայտարարութիւնները, թէ «Քորոնա» ժահրը ծագած է չինական Ուհան քաղաքի տարրալուծարանին մէջ, նման պնդումներ «վարկածային» որակելով:
Քալիֆորնիոյ մէջ, նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 5 Մայիսին յայտարարեց, որ Օրենճ Քաունթիի ծովափենրէն հինգը բանալու արտօնութիւն շնորհած է, տեղական մարմիններէն առողջապահական բաւարար երաշխիքներ ստանալէ ետք։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 58,724 վարակումներ եւ 2,379 մահեր։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 5 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 58 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուեցան վարակման 1638 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 27,815 վարակումներ եւ 1313 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը կը հասնի 183,000ի։
Վերջապէս, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները դարձեալ կոչ ըրին 2018ին կամ 2019ին եկամուտի տուրքի փաստաթուղթեր չամբողջացուցած քաղաքացիներուն, որ Քոնրեսի վաւերացուցած 1200 տոլարի աջակցութիւնը ստանալու համար դիմումագիր ամբողացնեն www.irs.gov/nonfilereip կայքէջին վրայ եւ շեշտեցին, որ անտունիները կրնան գաւառի կեդրոններուն հասցէները գործածել` դիմելով (866) 613-3777 թիւին։