Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, 7 Մայիսին, Քալիֆորնիոյ ժամով երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղի Պատմութեան բաժանմունքի դասախօս դոկտ․Միշէլ Թուսան համացանցային բանախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ՝ «Բրիտանական կայսրութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» նիւթով։
Համացանցային «Զում» ծրագիրով իրկանանալիք բանախօսութեան մասնակցութիւնը ազատ է, սակայն պէտք է կանխաւ արձանագրուիլ՝ դիմելով info@ARPAInstitute.org հասցէին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ հեռաձայնելով (818) 453-0618 թիւին։