Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան զգուշացուց, թէ կարգ մը կողմեր Սուրիոյ մէջ Անգարայի համբերութիւնը կը փորձեն` աւելցնելով, որ փոխանակ անոր՝ անոնք պէտք է գնահատեն Թուրքիոյ բարեկամութիւնը եւ իբրեւ պետութիւն վարուին ու ոչ թէ իբրեւ կազմակերպութիւն:
«Կը յայտնենք, որ Սուրիոյ մէջ սադրանք յառաջացնել ուզող իւրաքանչիւր կողմ մեզ իր դէմ պիտի գտնէ», ըսաւ Էրտողան՝ աւելցնելով. «Պիտի կանգնինք Սուրիոյ կառավարութեան կողքին, եւ ահաբեկչութեան պատրուակով Սուրիոյ մասնատումը պիտի չարտօնենք: Թուրքիա պետութիւն մը չէ, որուն համբերութեան սահմանը կամ բարեկամութիւնը եւ թշնամութիւնը փորձել կարելի ըլլայ: Որեւէ կողմ, որ կը փորձէ Սուրիոյ կայունութիւնը քայքայել, իր դիմաց պիտի գտնէ Թուրքիան` սուրիական կառավարութեան կողքին կանգնած: Թուրքիա պիտի չարտօնէ Սուրիոյ մասնատումը»: