ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի․ի․Սի․»․- 12 Մայիսին, Ծերակոյտին տուած իր վկայութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի գլխաւոր համակարգող եւ Համաճարակաբանութեան ազգային հիմնարկի ղեկավար Էնթընի Ֆաուչի ազդարարեց, որ մեկուսացման պայմանները արագօրէն մեղմացնելը «իսկապէս լուրջ հետեւանքներ» պիտի ունենայ, այնքան ատեն, որ վարակին դէմ փաստուած պատուաստ մը չէ գտնուած։
Մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածներուն թիւը 1․4 միլիոնի կը մօտերնար եւ մահացողներունը՝ 82,000ի, Ֆաուչի շեշտեց, որ հապճեպ քայլերը ոչ միայն անտեղի մահեր պիտի պատճառեն, այլ նաեւ աւելիով պիտի դժուարացնեն տնտեսութիւնը իր բնականոն վիճակին վերադարձելու ջանքերը։ Ան յոյժ կարեւոր նկատեց, որ նահագները վստահ ըլլան, որ կարելիութիւնը ունին դէմ դնելու վարակումներու հաւանական նոր բռնկումներուն, կեանքը բնականոնի վերադարձնելու որոշումներ տալէ առաջ։
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն 11 Մայիսին պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտարարեց, որ 13 Մայիսէն սկսեալ Բրիտանիոյ մէջ պիտի սկսին մեղմացուիլ մեկուսացման միջոցառումները, որոնք երկրին մէջ հաստատուած էին «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով: Միաժամանակ, ան ընդունեց, որ այս քայլերը ամբողջութեամբ ջնջելու ժամանակը տակաւին չէ հասած: «Այս շաբթուընէ սկսեալ արտօնութիւն պիտի տանք փողոցը տարբեր մարզաձեւեր կիրարկելու, քալելու, ինքնաշարժով զանազան վայրեր երթալու», յայտնեց վարչապետը ։ Ըստ անոր՝ այն անձերը, որոնք չեն կրնար տունէն աշխատիլ, աշխատավայրեր վերադառնալու կարելիութիւն պիտի ունենան, սակայն խուսափելով հանրային փոխադրամիջոցներ օգտագործելէ:
Ռուսիոյ մէջ, ուր մեկուսացման պայմանները մէկ օր առաջ սկսած էին աստիճանաբար մեղմացուիլ, վերջին 24 ժամերուն վարակման 10,899 նոր պարագաներ արձանագրուեցան՝ ընդհանուր թիւը հասցնելով 232,243ի։ Այժմ Ռուսիա վարակումներու թիւով ետ կը մնայ միայն Միացեալ Նահանգներէն եւ Սպանիայէն։ Բրիտանիա Միացեալ Նահանգներէն ետք ամէնէն շատ զոհեր ունեցող երկիրն է։ Հոն ցարդ մահացած են 32,692 անձեր։
Վերջին տուեալներու համաձայն՝ աշխարհի տարածքին կան 4,295,764 վարակուածներ եւ մահացած են 289,036 անձեր, բուժուած են 1,545,442 ուրիշներ։