ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 11 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին գաւառին տարածքին մահացած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած 39 քաղաքացիներ եւս։
Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուած են վարակման 591 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 32,258 վարակումներ եւ 1569 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։
Քալիֆորնիոյ մէջ վարակուած են մօտաւորապէս 70,000 անձեր եւ մահացած 2779 անձեր։