ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա․Էֆ․Փէ․»․- Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներու հակակշիռին տակ մնացող Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ, Սուրիոյ բանակի պաշտպանական դիրքերy թիրախ դարձան անակնկալ զինեալ յարձակումի մը, որ փաստօէն խախտում մըն էր մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ հաստատուած զինադադրի պայմաններուն։
Արդարեւ, «Հըզպ իսլամի Թուրքիստան» անունով յայտնի կազմակերպութեան զինեալները հարուածներ հասցուցած են շրջանի Սուրիոյ բանակի պաշտպանական դիրքերուն.անոնք նաեւ ականուած ինքնաշարժներով անձնասպանական գործողութիւններու դիմած են, սպաննելով Սուրիոյ բանակի 29 զինուորներ։
Հակայարձակումի մը ընթացքին սպաննուեցան առնուազն 13 ահաբեկիչներ. այժմ շրջանին մէջ կը տիրէ զգուշաւոր հանդարտութիւն։