ԹԵՀՐԱՆ, «Ա․Էֆ․Փէ․»․- Իրանի ծովուժի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ ռազմափորձի մը ընթացքին, «Քոնարաք» մարտանաւուն մէջ, պայթումի մը պատճառով, ծովուժի շարք մը անդամներ մահացան, իսկ ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Աւելի ուշ յստակացաւ, որ մահացած են 19 նաւաստիներ, եւ 15 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Իրանեան պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «Քոնարաք» նաւը Իրանի հարաւը գտնուող Ծոցի ջուրերուն մէջ տեղի ունեցող ռազմափորձի մը ընթացքին, սխալմամբ իրանեան հրթիռի մը թիրախ դարձած է: