ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀԵԴի Ճամբարի վարչութեան ատենապետ Հրակ Կապուտեան կը հաղորդէ, թէ վերջին քանի մը տարիներուն վարչութիւնը յատուկ կարեւորութիւն տուած էր բանակավայրը ընդարձակելու ջանքերուն եւ քննարկումները եւ պրպտումները վերջապէս տուած են իրենց դրական արդիւնքը, երբ կարելի եղած է ներկայ բանակավայրէն միայն մէկ մղոն հեռու գտնուող բանակավայր մը գնել։
Տարուէ տարի բանայավայրը օգտագործողներուն եւ յատկապէս ՀԵԴի ամառնային շաբաթական ճամբարներու մասնակցողներուն թիւին աճը ընդարձակման կարիքը հրատապ դարձուցած էին։
Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ շարք մը տնակները, ճաշարան մը եւ այլ յարմարութիւններ ունեցող բանակավայրը մօտաւորապէս տասնամեակէ մը ի վեր չէր գործածուէր, անիկա կարիքը ունի յատկանշական նորոգութեան, որուն ծախսերուն հոգալու համար համայնքին պիտի դիմէ ՀԵԴի Ճամբարի վարչութիւնը:
1977ին հաստատուած ՀԵԴի ամառնային ճամբարներու ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ աջակցելու համար այցելել AYFCamp.org կայքը կամ դիմել info@ayfcamp.org հասցէին։