ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի Քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժինին մէջ կատարուած համապատասխան աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ փաստացի տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ իր պաշտօնավարման ժամանակաշրջանին, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարարը առերեւոյթ կատարած է Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 308րդ յօդուածի 2րդ մասով (պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահել, որ անզգուշութեամբ կը պատճառէ ծանր հետեւանքներ) նախատեսուած յանցագործութիւն:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութեան մարմիններու ղեկավար աշխատողներու, պետական ծառայութիւն կատարող անձերու վերաբերող նախաքննութիւնը կը կատարուի Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչներուն կողմէ, նախաքննութիւնը շարունակելու համար քրէական գործը պիտի ուղարկուի Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան: