ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Քոսոտ շուն տեսնելուն, ամէն ոք կը փորձէ զայն հեռու վանել, կամ լաւագոյնը՝ ի՛նք կը փորձէ հեռանալ անկէ, վախնալով որ կրնայ վարակուիլ անոր քոսոտութենէն: Վարակուելու վախը, յատկապէս տարանցիկ հիւանդութիւններէ, ամբողջ մարդկութ-եան սիրտը պատած է այսօր:
Փողոցներուն մէջ անտէր թափառող շուներուն մէջ շատ կարելի է հանդիպիլ քո-սոտներու, որոնք պոչերնին ծալլած, պատերուն տակէն անցնելով կը սպրդին թա-ղերէն ներս, փլատակ տան կամ խանութի մը լքուած տարածքը հասնելու եւ գէթ պահ մը այնտեղ ծուարելու համար:
Քաղաքակիրթ երկիրներու փողոցներուն մէջ անտէր շուն չեն թողուր կենդանական իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնները, որոնք յաճախ հովանաւորուած կ’ըլլան տեղի քաղաքապետարաններուն կողմէ: Նոյնիսկ անհատ բարերարներ կը գտնուին զարգացած երկիրներու մէջ, որոնք մեծ նուիրատուութիւններով կը մասնակցին, ընտանի անտէր կենդանիներու հաւաքման, կերակրման եւ պատսպարման ծախսերուն, որոնք քիչ գումարներ չեն: Դեռ չենք ուզեր մանրամասնութեանց մէջ մտնել այն դէպքերուն, երբ մեծահարուստ մարդիկ երբեմն իրենց ամբողջ ունեցուածքը կը կտակեն կենդանիներու պաշտպան կազմակերպութիւններու կամ յատուկ ընկերութեանց, որոնք փողոցներէն կը հաւաքեն անտէր անասունները եւ կը խնամեն զանոնք:
Երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ, ուր չկան նման հիմնարկութիւններ, երբեմն կը գտնուին անհատներ, որոնք խղճահարուելով ի տես անտէր շուներու, իրենց անձնական նախաձեռնութեամբ ուտելիք կը գնեն ու կը կերակրեն իրենց փողոցին մէջ յայտնուած ընտանի կենդանիները: Կը ճանչնանք խանութպաններ, որոնք իւրաքանչիւր առաւօտ իրենց խանութի փեղկին առջեւ պառկած կը գտնեն փողոցի անտէր շուները, որոնք կը սպասեն խանութին տիրոջ, վստահ ըլլալով որ անպայման ուտելիք կը բերէ իր հետ, կերակրելու համար զիրենք: Ուրեմն անասունը բնազդաբար կը վարժուի այն մարդուն, որ կը գուրգուրայ իր վրայ, մանաւանդ շունը, որուն հաւատարմութիւնը բարձրագոյն ցուցանիշի վերածուած է արդէն:
Դժբախտ են այն անտէր ընտանի կենդանիները, որոնք երրորդ աշխարհի երկիրներու մէջ կը բանան իրենց աչքերը այս լոյսին: Անոնց կարճ կեանքը երբեմն ողբերգութեամբ կ’աւարտի: Ինքնաշարժի արկածը կամ աւելի վայրագ շան մը կլա-փին զոհ դառնալը աւելի բախտաւորութիւն պիտի համարենք մենք, քան թէ օրերով սոված շրջագայիլը եւ աջէն ու ձախէն կից ստանալով, մելամաղձոտ հայեացքով ո-ղորմութիւն հայցելը անցորդներէն:
Երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ, փողոցի մայթերուն վրայ քաղաքացիներուն հետ երթեւեկող եւ ամբոխին միախառնուած արարածներ են քոսոտ շուները, որոնց մազերուն մէկ մասը թափած, միւս մասը կեղտի մէջ կորսուած, չսպասուած պահուն կրնան յայտնուիլ ամէնէն մաքուր մայթերուն վրայ իսկ, ուտելիքի մնացորդաց փնտռելով քաղաքապետարանին կողմէ զետեղուած յատուկ աղբամաններուն մէջ: Դունչով աղբամանը կրկտելով անցորդներուն կերածին աւելցուքը դուրս կը բերեն անոնք, գէթ իրենց սոված որովայնը այդ օր կշտացնելու համար:
Պատահեցաւ, որ օր մը ծերունի բարեկամս իր թոռան հետ պտոյտի ելած էր իրենց տունը շրջապատող մայթերուն վրայ, երբ յանկարծ քոսոտ շուն մը մօտենալով իրենց քովէն կ’ուզէր անցնիլ: Երեխան վախնալով, աւելի զօրաւոր բռնեց մեծ հօր ձեռքը: Ծերունի բարեկամս անոր միտքը հանգստացնելու համար ըսաւ. «Ինչէ՞ն կը վախնաս, ասիկա շուն չէ՛, այլ լաթի կտոր»: Ան կ’ուզէր ակնարկել փողոցը մնացած այդ շան տկար եւ անվնաս ըլլալուն: Կը պատահի սակայն նաեւ, որ փողոցի այդ անպաշտպան ու խեղճ արարածները յանկարծ կատաղութիւն ցուցաբերեն եւ թերեւս իրենց անօթութեան հետեւանքով յարձակին անցորդներուն վրայ: Ամէն մարդ անակնկալի կու գայ, որովհետեւ ո՛չ ոք կ’ակնկալէ որ այդ դժբախտ անասունները յար-ձակողապաշտ ըլլան: Անոնք միշտ ալ անցորդներու ողորմութեան կ’ապաւինին, եւ այդ պատճառով «բարի» վարմունք կը ցուցաբերեն ընդհանրապէս:
Մարդկային կեանքը տարբեր չէ՛ վերոյիշեալ փոխաբերութենէն: Նոյնիսկ զարգացած երկիրները անամօթաբար իրենց փողոցներուն մէջ կը պահեն մուրացիկ անտունները, որոնք խաւաքարտէ գաւաթ մը իրենց ձեռքին, ու վիզէն կախուած օգնու-թիւն աղերսող այլ խաւաքարտ մը, խաչմերուկներուն վրայ կը մօտենան վարորդներուն եւ օրուան ճաշին դրամը կը մուրան: Ասոնց համար եւս կ’ըսուի, թէ անվնաս են եւ շնորհակալ են թէ՛ իրենց դրամ տուողներուն եւ թէ՛ անտեսողներուն:
Վերոյիշեալ քոսոտ շան օրինակը (հեռու ընթերցողաց եւ լսողաց), կարելի է տարածել նաեւ որոշ մարդոց վրայ, որոնք քոսոտ եւ ուրիշին կարօտ ըլլալով հանդերձ, դեռ կը յանդգնին կատաղի ըլլալ ու նախայարձակ: Այսպիսիներուն համար բանաձեւուած է առածը որ կ’ըսէ. «Թէ՛ քոսոտ, թէ՛ կատաղի»:
Շան պարագային, նոյնիսկ փողոցային ու քոսոտ, թերեւս ակնկալելի է կատա-ղութիւնը, որովհետեւ ի վերջոյ շուն է, եւ անոր բնազդին մէջ տեղադրուած է արդէն այդ զգացումը: Սակայն բանական մարդը, որ իր կիրքերուն եւ զգացումներուն վրայ տիրապետութիւն ունի եւ գիտէ զանոնք հակակշռելու ձեւը, պէտք չէ՛ այդ վարմունքը ցուցաբերէ ուրիշներու նկատմամբ, մանաւանդ երբ ինք «քոսոտ» է, այսինքն տկար է ու անպաշտպան եւ այլոց խնամքին ու հովանաւորութեան կարօտ…:
Եւ ճիշդ ա՛յս է ծիծաղելին…:
Մազերը տեղ-տեղ թափած, գնդացած, փողոցի անցորդներուն կիցերով անվերջ հարուածուած ու կապոյտցած մարմնով «շուն» մը երբ յանկարծ ատամները ցոյց տայ ու յարձակի վրադ, ինքնապաշտպանուելու փոխարէն կը ծիծաղիս, մտածելով, որ այս ողորմելի արարա՞ծը մնաց, որ յանդգնի վրադ յարձակիլ…:
Իցի՜ւ թէ միայն կատաղութիւնը ունենան նման մարդիկ` իբրեւ զայրոյթի զգացում իրենց մէջ պահուած, զոր ատեն-ատեն ցուցադրեն: Մնայուն ցուցադրութեան դրուածը իրենց քոսոտութիւնն է, զոր չեն կրնար թաքցնել, ինչպէս որ գնդացած գլուխը կարելի չէ՛ պահել, ինչքան ալ կեղծամի տեսակներով ծածկեն գնդացած մարդիկ իրենց տձեւ գլուխը: Անմազ գլուխը ուշ կամ կանուխ կը յայտնուի, երբ զօրաւոր քամի մը փչէ ու բոլորին առջեւ խայտառակ ընէ կեղծամ դրած գնդագլուխ մարդը:
Բարի կամքի տէր մարդիկ միշտ կը խրատեն թէ՛ քոսոտ եւ թէ՛ կատաղի մարդիկը, որ հրաժարին իրենց այս բնաւորութենէն: Սակայն ի զուր: Որովհետեւ բնաւորութիւնը այն ատեն կը հեռանայ մարդէն, երբ անիկա իր վերջին շունչը փչեր է արդէն…:
Թէ՛ քոսոտ, թէ՛ կատաղի շուներուն ճակատագիրը կամ վախճանը ամէն մարդ կրնայ ենթադրել կամ պատկերացնել: Յատկապէս երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ, փայտերով ու երկաթի ձողերով այդպիսի շուները իրենց փողոցներէն դուրս քշելէ բացի, երբեմն հարեւանները կը համաձայնին ու իրենցմէ մէկը կ’որոշեն, որ մի քանի փամփուշտի հարուածով վերջ տայ իրենց փողոցի «թէ՛ քոսոտ եւ թէ՛ կատաղի» շուներու:
Մենք ալ համաձայն պիտի ըլլայինք որ քոսոտ շուները ապրին եւ խնամք վայելեն այնքան, ինչքան կեանք տուեր է անոնց Արարիչը: Սակայն թէ՛ քոսոտ եւ թէ՛ կատաղի շուներու պէտք է սահման դրուի, որպէսզի իրենց կեղտոտ շնատամները չխրեն մեր մարմնին մէջ: