ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը 22 Մայիսին հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Արթուր Թովմասեանին հետ:
Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցը՝ շատ կարեւոր այդ պաշտօնը ստանձնելուն համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու արցախցի գործընկերներուն իրենց գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ: Հայաստանի խորհրդարանի ղեկավարը վստահեցուց, որ Արցախի` վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովին հետ գոյութիւն ունեցած սերտ համագործակցութիւնը աւելի եւս պիտի զարգանայ։
Արթուր Թովմասեան, ողջունելով իր պաշտօնակիցը,՝նշեց, որ երկու խորհրդարանները հայ ժողովուրդին վերաբերող ընդհանուր օրակարգի մեծ աշխատանք ունին տանելիք. Այդ օրակարգին վրայ է Արցախեան հիմնահարցը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Արցախի օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը հաստատեց, որ պիտի պահպանեն եւ զարգացնեն կապերը Հայաստանի Ազգային ժողովին հետ: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց նոր թափ հաղորդելու երկու խորհրդարաններու աշխատանքին՝ նաեւ յանձնաժողովներու մակարդակին վրայ:
Զրուցակիցներուն քննարկումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով` երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններու պատգամաւորներուն մասնակցութեամբ:
Ողջունելով ներկաները՝ Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններուն համագործակցութեան` նշելով, որ, միջխորհրդարանական յանձնաժողովի աշխատանքներուն զուգահեռ, անհրաժեշտ է նաեւ երկու խորհրդարաններու մնայուն յանձնաժողովներուն միջեւ սերտ փոխգործակցութիւնը:
Անդրադառնալով խորհրդարանի արտաքին կապերուն` Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծեց ԵԱՀԿի ղարաբաղեան տագնապով զբաղող Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներուն հետ կապերու խորացումը` այդ գործընթացին մէջ կարեւոր նկատելով Հայաստանի խորհրդարանին դերը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, շնորհաւորելով ներկաները համապետական ընտրութիւններուն առիթով, անդրադարձաւ Արցախի եւ Հայաստանի խորհրդարաններուն համագործակցութեան` ընդգծելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկրի դիրքորոշման ներկայացման մէջ։
«Խաղաղ բանակցութիւնների արդիւնքը, արցախեան հիմնախնդրի վերջնական լուծումը պէտք է հիմնուած լինեն Արցախի ժողովրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման վրայ, եւ չի կարող լինել որեւէ լուծում, որը չի ունենայ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովրդի համաձայնութիւնը», յայտնեց Միրզոյեան:
Հանդիպման ընթացքին հայկական երկու հանրապետութիւններուն խորհրդարաններու պատգամաւորները հանդէս եկան ելոյթներով եւ ներկայացուեցան առաջարկներ՝ Արցախի բարեկամական շրջանակներու ընդլայնման եւ զանազան երկիրներու խորհրդարաններու հետ համագործակցութեան նոր ուղիներ մշակելու վերաբերեալ: