ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 25 Մայիսին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ՝ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ուժերուն եւ 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած թեկնածուներուն հետ կայացած հանդիպումներու ծիրին մէջ։ Այս հանդիպումներուն նպատակը հանրապետութեան նախագահի՝ համերաշխութեան ու հանդուրժողականութեան ուղերձի ծիրին մէջ, քաղաքական ուժերուն եւ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած թեկնածուներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւններուն մշակումն էր:
Շնորհաւորելով Ազգային ժողովի նախագահ ընտրութիւնը՝ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ողջունեց նոր կարգավիճակով Արթուր Թովմասեանի այցելութիւնը ՀՅԴ գրասենեակ եւ յոյս յայտնեց, որ բարձր մակարդակի համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ: Դաւիթ Իշխանեան կարեւոր նկատեց հանդիպումներու նախաձեռնութիւնը եւ համոզում յայտնեց, որ անոնք կարելիութիւն պիտի տան անդրադառնալու առկայ հիմնախնդիրներուն:
Արթուր Թովմասեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի դատը Հայ Դատի բաղկացուցիչ մասն է, եւ թէ, այդ առումով, ՀՅԴին հետ որեւէ տարակարծութիւն չի կրնար ըլլալ: Ան տեղեկացուց, որ մինչեւ Ազատ Հայրենիք կուսակցութեան հիմնադրութիւնը ինք եղած է ՀՅԴի համակիր եւ բոլոր համապետական ընտրութիւններուն քուէարկած է ՀՅԴի օգտին:
«ՀՅԴի հետ ունեցած յարաբերութիւններն աւելի ամուր հիմքերի վրայ եմ դնելու, որովհետեւ շատ եմ կարեւորում ՀՅԴ դերը հայապահպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեանը հարցը օրակարգում պահելու առումով: Եւ իմ առաջարկած օրակարգն էլ չի տարբերուելու ՀՅԴ օրակարգից», նշեց Արթուր Թովմասեան՝ ներկայացնելով ներքին համերաշխութեան վերաբերող Արցախի նախագահին մտադրութիւնը:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հիմնախնդիրի լուծման օգտին Հայ Դատի գրասենեակներուն ծաւալած աշխատանքներուն եւ յոյս յայտնեց, որ ՀՅԴն պիտի շարունակէ Արցախի ճանաչման ու զարգացման վերաբերող իր ծրագիրները:
Ըստ Արթուր Թովմասեանի՝ ՀՅԴն հսկայական փորձառութիւն ունի այդ առումով: Անոր կարծիքով, որպես կայացած կուսակցութիւն, ՀՅԴի փորձառութիւնը կրնայ օրինակելի ըլլալ Արցախի մէջ գործող միւս կուսակցութիւններուն:
Դաւիթ Իշխանեան պատահական չնկատեց այն հանգամանքը, որ նորընտիր Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովը կը գլխաւորէ ՀՅԴի անդամ Վահրամ Բալայեանը: Ան համոզմունք յայտնեց, որ անկէ պիտի շահի երկիրը, խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը: Դաւիթ Իշխանեան շեշտեց, որ Արցախը եւ ՀՅԴն բնական դաշնակիցներ են եւ բոլոր յաջողութիւններն ու անյաջողութիւնները նաեւ ՀՅԴինն են:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը կարեւոր նկատեց Սահմանադրական բարեփոխումներու եւ կառավարման համակարգին մէջ խորհրդարանի դերի բարձրացման հարցը:
Արթուր Թովմասեան հաստատեց այդ միտքը եւ աւելցուց, որ ինք միշտ ալ կողմ եղած է երկրի կառավարման խորհրդարանական համակարգին: Ան հաստատեց, որ իբրեւ Ազգային ժողովի նախագահ, յառաջիկային ամէն ինչ պիտի ընէ պետական համակարգին մէջ իբրեւ անկախ մարմին Ազգային ժողովի դերի բարձրացման համար: