ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հին Գիւմրի» դրոշմաթուղթը ներկայացուեցաւ «Հնագոյն փոստային երթուղիներ» թեմայով դրոշմաթուղթերու «Եւրոպա» տարեկան մրցոյթին, որ արդէն սկսած է:
Այս մասին յայտնեցին «Հայփոստ» ընկերութեան տեղեկատւութեան բաժինէն։
Այս տարի Հայաստան կը մասնակցի փոստային դրոշմաթուղթով մը, որուն վրայ պատկերուած է հին Գիւմրին, որ իր բազմաթիւ երթուղիներով 19րդ դարուն կը հանդիսանար Հայաստանի առաջին մշակութային եւ քաղաքական կեդրոնը: Ձեւաւորումը կատարած է Դաւիթ Տովլաթեան:
«Հին Գիւմրի» դրոշմաթուղթին քուէարկելու համար պէտք է այցելել մրցոյթին կայքէւը՝ https://www.posteurop.org/europa2020:
Քուէարկութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 9 Սեպտեմբեր։