ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- YouTube-ի տնօրէնութիւնը դուրս հանեց Թուրքիոյ քաղաքացի հրեայ գործարար Տողան Քասատոլուի տեսանիւթը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ատելութեան խօսք կ՛ընդգրկէր։
Նշենք, որ անցեալ տարի Քասատոլու թրքական «Աքիթ» կայանէն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հետեւեալը յայտարարած էր․ «Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները դարու զրպարտութիւնն են եւ Թուրքիա այդ զրպարտանքին դէմ չի կրնար պէտք եղած ձեւով պայքարիլ»։
Տեսանիւթին վերցուելէն ետք, կայանը բողոք յղեց YouTube-ին՝ նշելով, որ նման քայլ մը դէմ է Թուրքիոյ սահմանադրութեան եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի օրէնքներուն՝ պնդելով, որ տեսանիւթը ատելութեան խօսք չի պարունակեր։
Թրքական լրատուամիջոցը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ստայօդ տեսանիւթին հեռացումը կը համարէ Հայկական Սփիւռքին ճնշումներուն արդիւնք՝ եզրակացնելով, որ իր այդ քայլով Սփիւռքը դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ որքան ազդեցիկ է Միացեալ Նահանգներու մէջ։