ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի առողջապահական մարմինները 26 Մայիսին տեղեկացուցին, որ այս շաբթուան ընթացքին ջերմաստիճանի բարձրացումը զիրենք մղած է զովանալու առնուազն 8 կեդրոններ հաստատելու Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին, նկատի ունենալով նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով ընկերային հեռաւորութիւն պահպանելու հրամայականը։
Այս կեդրոններէն ձրիաբար կրնան օգտուիլ գաւառին քաղաքացիները։
Արտակարգ իրավիճակներու զովացման այս կեդրոններուն ցանկը տեղադրուած է www.lacounty.gov/heat կայքէջին վրայ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել 211 թիւին: