
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով, առաւել քան երկու ամիս որդեգրուած ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահպանելու օրէնքները աստիճանաբար մեղմացնելու քայլերուն ծիրին մէջ, եկեղեցիներուն, մզկիթներուն, սինակոկներուն եւ կրօնական պաշտանմունքի այլ վայրերուն պիտի արտօնուի իրենց դռները մասնակիօրէն վերաբանալ հանրութեան առջեւ։
Պաշտամունքի վայրերը այս հանգրուանին արտօնութիւն պիտի ունենան ընդունելու 100 անձեր կամ սրահին համար նախապէս արտօնուած քանակին քառորդը՝ այն, որ աւելի քիչ է։
Նահանգապետը յիշեցուց, որ դիմակներ կրելու, ապահով հեռաւորութիւն պահպանելու եւ շարք մը այլ պայմաններ ի զօրու պիտի մնան՝ դարձեալ շեշտելով, որ տեղական մարմինները այս իրաւասութիւնը կրնան փոփոխութեան ենթարկել, նկատի ունենալով տեղւոյն պայմանները։
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային մարմինները որոշած են վերաբանալու արտօնութիւն տալ բոլոր այն վաճառատուներուն, որոնք շարք մը պայմաններ կը գոհացնեն։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 26 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուած 27 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1843 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 47,822 վարակումներ եւ 2143 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը կը հասնի 514,000ի, որոնցմէ 8 տոկոսը վարակակիր եղած է. սահմանգիծ մը, որուն կամ անկէ նուազին պահպանումը տնտեսութիւնը վերաբանալու չափանիշ սահմանուած է գաւառին իշխանութիւններուն կողմէ։
Լոս Անճելըս գաւառի հանրային առողջապահութեան ծառայութիւններուն կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով www.publichealth.lacounty.gov կայքը։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 100,000ի եւ արձանագրուած են 3852 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 1․73 միլիոն եւ 100,886 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակուածներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակումներու աճը կը շարունակուի եւ հասած է 394,507 ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 24,600ի։
Աշխարհի տարածքին արձանագրուած են 5․73 միլիոն վարակումներ եւ 353,896 մահեր։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 2․5 միլիոն վարակուածներ։