
ԱՆԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԵՒ ԱՅԼ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Պի․Պի․Սի․», «Էյ․Պի․Սի․»․- Մինէափոլիս քաղաքին մէջ, ոստիկանի մը կողմէ 46ամեայ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը դատապարտող քաղաքին մէջ յառաջացած զանգուածային բողոքի ցոյցերը իրենց արձագանգը ունեցան Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, որոնցմէ առնուազն 15ին մէջ հռչակուեցաւ արտակարգ դրութիւն, ցոյցերը շահագործող աւազակներու անկարգութիւններուն իբրեւ արդիւնք։
Առաւել քան 75 քաղաքներու մէջ, տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ դատապարտեցին ոստիկանութեան բռնարարքները եւ ընկերային արդարութիւն պահանջեցին։
Քաղաքական, մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու ղեկավարներ զսպուածութիւն ցուցաբերելու կոչեր կատարեցին, որպէսզի շեշտը մնայ ընկերային արդարութիւն ապահովելու պահանջին վրայ։

Դաշնակցային եւ տեղական ապահովական մարմիններ կը կասկածին, որ ծայրայեղ ազգայնամոլ եւ անիշխանական կազմակերպութիւններ կը հրահրեն բռնարարքները։
Անկարգութիւնները հակակշիռէ դուրս եկան յատկապէս Աթլաթայի, Լոս Անճելըսի, Ֆիլատելֆիոյ, Պոսթընի եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։
Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատելու եւ ազգային պահակագունդը տեղադրելու արտօնութիւն տուաւ, օգնելու համար տեղւոյն ոստիկանութեան։ 15 այլ նահանգներու մէջ եւս ազգային պահակագունդը հաստատուեցաւ։
Նշեալ անկարգութիւններուն ընթացքին կողոպտուեցան խանութներ, եւ ճաշարաններ, խանութներ ու ոստիկանական ինքնաշարժներ հրկիզուեցան:
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Սպիտակ տան առջեւ, ուր նախագահ Տանըլտ Թրամփ պահ մը նոյնիսկ ընդյատակեայ ապաստան մը տարուեցաւ։ Ան այս վիճակին մէջ իսկ կը շարունակէ կացութիւնը աւելիով հրահրել՝ ազդարարելով ցուցարարներուն, որ «վայրենի շուներ»ու կողմէ եւ զանազան տեսակի զէնքերով պիտի դիմաւորուին այն ցուցարարները, որոնք ցանկապատէն կ՛անցնին․․․
Նիւ Եորքի մէջ ցուցարարներ հաւաքուեցան նշանաւոր «Թայմզ» հրապարակին վրայ, որ քաղաքին սիրտն է: Հոն ոստիկանական ինքնաշարժներ ճեղքեցին ցուցարարներու շարքերը` զանոնք ցրուելու նպատակով:
Նշենք, որ Ֆլոյտի սպանութեան դէմ բողոքի ցոյց տեղի ունեցան նաեւ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի, Դանիոյ, Պրազիլի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ֆլոյտ խեղդամահ եղաւ 20 տոլար կեղծելու ամբաստանութեամբ, ոստիկանի մը կողմէ, որուն հետ անցեալ տարի նոյն վայրին մէջ հսկողութիւն կատարած են։
Ոստիկանը շաբաթավերին վերջապէս ձերբակալուեցաւ, սակայն միան 2րդ աստիճանի մարդասպանութեամբ ամբաստանուեցաւ։ Ֆլոյտի ընտանիքը կը պահանջէ, որ ան առաջին աստիճանի մարդասպանութեամբ ամբաստանուի եւ կ՛ուզէ, որ ձերբակալուին նաեւ անոր սպանութիւնը կասեցելու համար ոչ մէկ քայլի դիմած միւս 3 ոստիկանները, որոնք պարզապէս իրենց պաշտօնէն հեռացուեցան։
Տնտեսութիւնը վերաբանալու ցոյցերուն ընթացքին (երբ ցուցարարները գլխաւորաբար սպիտակամորթ էին) աւելի հանդուրժականութիւն ցուցաբերած ոստիկանները յաճախ ուժի դիմեցին եւ արցունքաբեր նիւթեր օգտագործեցին ընկերային արդարութիւն պահանջող ցուցարարներուն դէմ։ Ոստիկանութեան բռնարարքներէն անմասն չմնացին նաեւ լրագրողներ։
Սակայն, Նիւ Եորքի եւ Միշիկընի մէջ կարգ մը ոստիկաններ միացան ցուցարարներուն, իսկ Թենըսիէն ոստիկան մը կոչ ըրաւ ամերիկացի ոստիկաններուն, որ հեռանան ոստիկանութնենէն, եթէ սխալ չեն գտներ Ֆյոտի սպանութիւնը։
Միւս կողմէ, առնուազն 4 նահագներու մէջ տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցերէն մէկուն ընթացքին, ցուցարարներու վրայ ինքնաշարժներով սուրացին անյայտ քաղաքացիներ, վիրաւորելով քանի մը անձեր։
Ցոյցերու, խռովութիւններու եւ կողոպուտներու ընթացքին ձերբակալուեցան առաւել քան 4400 քաղաքացիներ։
Երկուշաբթի օր, Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին, փողոց իջնելու արգելքը վերահաստատուեցաւ եւ ի զօրու է Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 6էն մինչեւ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 6։