ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան NewArmenia լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանեց ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 75րդ նստաշրջանի նախագահի ընտրութեան հարցը։ Նախագահի նախնականօրէն հաստատուած միակ թեկնածուն Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Վոլքան Պոզքիրն է:
Լրագրողը դիտել տալով, որ նախագահութեան համար քուէարկութիւն պահանջած են Հայաստան, Յունաստան եւ Կիպրոս՝ հարցուց, որ 193 երկիրներէն միայն երեք երկրի պահանջով կ՛իրականացուի՞ քուէարկութիւն։
Ան պատասխանեց, որ, ՄԱԿի աշխարհագրական կարգին վերաբերեալ սահմանուած սկզբունքին համաձայն՝ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 75րդ նստաշրջանի նախագահը պէտք է ընտրուի Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու խումբէն, իսկ միակ թեկնածուն Թուրքիոյ ներկայացուցիչն է։
«Ինչպէս նշեցիք, Հայաստանը, Յունաստանը եւ Կիպրոսը, խախտելով լռութեան ընթացակարգը, նամակներով դիմել են ՄԱԿի ԳԱ 74րդ նստաշրջանի նախագահ Թիջանի Մուհամմետ-Պանտէին՝ պահանջելով քուէարկութիւն: Ցանկանում եմ ընդգծել, որ նոյնիսկ մէկ երկրի պահանջով քուէարկութիւնը պարտաւոր է իրականանալ», յայտնեղ Աննա Նաղտալեան:
Լրագրողը հարցուց, որ ընտրուելու պարագային արդեօք ասիկա առաջի՞ն դէպքը պիտի ըլլայ, որ այս նախագահի պաշտօնը վարէ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը, եւ որ արդեօք Հայաստանի կողմէ որեւէ քայլ առնուա՞ծ է՝ ներկայացնելու հայկական կողմի մտահոգութիւնները. Նաղտալեան պատասխանեց ըսելով. «Պէտք է նշեմ, որ մտահոգութիւն յայտնել է ոչ միայն հայկական կողմը, այլեւ մեր մի շարք միջազգային գործընկերներ: Լռութեան ընթացակարգի խախտման վերաբերեալ նամակով հանդէս են եկել Հայաստանը, Կիպրոսը եւ Յունաստանը, աւելին՝ Հայաստանի եւ Կիպրոսի կողմից ներկայացուել է համատեղ նամակ: Վերջինում, մասնաւորապէս, նշուել է, որ «Թուրքիան սպառնում է ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեանն ու անվտանգութեանը՝ տարածաշրջանային գերակայութեան հասնելու համար շարունակաբար խախտելով ՄԱԿ կանոնադրութիւնը եւ միջազգային իրաւունքի նորմերը, այդ թւում՝ ՄԱԿ պատժամիջոցների ռեժիմները»:
Հայկական կողմը բարձրաձայնած է Թուրքիոյ՝ Հայաստանի նկատմամբ երեք տասնամեակ իրականացող շրջափակման, Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակական ժխտման եւ նոյնիսկ արդարացման քաղաքականութեան մասին: Միացեալ նամակին մէջ Հայաստան եւ Կիպրոս ընդգծած են, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նախագահի պաշտօնը պէտք է ստանձնէ ներկայացուցիչը այնպիսի երկրի, որուն գործողութիւնները եւ վարած քաղաքականութիւնը համահունչ են ՄԱԿի սկզբունքներուն եւ հռչակած արժէքներուն: Ակնյայտ է, որ Թուրքիա լաւագոյն պետութիւնը չէ, որ կարենայ բաւարարել նշեալ չափանիշները: