ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ, 5 Յունիսին, «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր պարագաներուն թիւը հասաւ 11,817ի, որոնցմէ 3513ը ապաքինած են: Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացած են 183 անձեր։
Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կան «Քորոնա» ժահրով վարակուած շուրջ 100 ոստիկաններ, կան նաեւ մեկուսացուածներ, որոնց վիճակը ցարդ բնական է։
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստանի մէջ յառաջած է «Քորոնա» ժահրը ստուգելու համար անհրաժեշտ նմուշառման փայտիկներու սղութիւն: