ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանին, քանի մը օրեր առաջ հետախուզուողներ ձերբակալուեցան։ 5 Յունիսին, Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստին, «Հայաստանի Հանրապետութեան 2019թ. պետական բիւջէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետուութեան նախնական քննարկման ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Էդուարդ Մարտիրոսեան:
«2018թ. ապօրինի սահմանահատման 38 դէպք է եղել, 2019թ.՝ 35 դէպք: 2020թ. առայժմ արձանագրուել է ապօրինի սահմանահատման 4 դէպք: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի հատուածում ունեցել ենք հետախուզողների ձերբակալութիւններ մի քանի օր առաջ, սակայն մենք դա լրատուականներով չենք լուսաբանել», շեշտեց Մարտիրոսեան:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը ձերբակալութիւններուն վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ չյայտնեց: