ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 5 Յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Արցախի գլխաւոր դատախազի պաշտօնին առաջադրուած Մհեր Աղաջանեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան հետ:
Խմբակցութեան անդամներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Մհեր Աղաջանեան ներկայացուց դատախազութեան մէջ բարփոխումներ իրականացնելու, երկրին մէջ օրինականութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարի շարունակականութեան եւ այլ հարցերու վերաբերող իր տեսլականը: