ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Շաբաթ յետմիջօրէին Պէյրութը դարձեալ ականատես դարձաւ ժողովրդային շարժումին կազմակերպած բողոքի ցոյցի մը, որ իր սկիզբով եւ աւարտով շատ տարբեր չէր նախորդ ցոյցերէն, սակայն հնչած իր պահանջներով նորութիւն էր Պէյրութի համար:
Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ցուցարարները բարձրացուցին հիմնական չորս պահանջներ, որոնք հետեւեալներն են` երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ, զեղծարարութեան դէմ պայքար, բոլոր պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչել, ինչպէս նաեւ չորրորդ մը, որն էր՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւին գործադրութիւնը, այլ խօսքով՝ «Հըզպալլա»ի ապազինում:
Նահատակաց հրապարակին վրայ լարուածութիւնը տիրական էր ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ, որովհետեւ ցուցարարներուն մէջ կային խափանարարներ: Անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումները արձանագրուեցան խորհրդարանի մուտքին, երբ ցուցարարները քարկոծեցին ներքին ապահովութեան ուժերու ջոկատը եւ անոնց վրայ պայթուցիկներ տեղացուցին:
Ապահովութեան ուժերը այս արարքներուն պատասխանեցին արցունքաբեր կազեր արձակելով եւ ցուցարարները ցրուել փորձելով: Ապա ցուցարարներէն ոմանք խափանարարական արարքներու դիմեցին մօտակայ խանութներուն եւ պանդոկի մը դէմ, բախումներոը սաստկացնելով:
Աւարտին, արնուազն 48 ցուցարարներ եւ 25 ոստիկաններ վիրաւորուեցան։
Ցոյցեր կատարուեցան նաեւ Թրիփոլիի, Սայտայի եւ այլ քաղաքներու մէջ։