ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա»․- Անյայտ անձեր ծանր գործիքներով վնասած են Ջաւախքի Գոման գիւղի հայկական եկեղեցին եւ անոր բակին մէջ գտնուող գերեզմանները, կը հաղորդէ «Սփութնիք Կրուզիա» լրատուական գործակալութեան կայքը:
«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակը ծանր գործիքներու միջոցաւ կատարուած վնասներու հետքեր կ՛երեւին կառոյցին երեք ճակատներուն` արեւմտեան, հարաւային եւ արեւելեան կողմերէն: Վնասուած են գերեզմանները եւ ամէն տեղ մարդկային ոսկորներ ցրուած են: Վնասուած են նաեւ պարիսպը եւ շեմը», կ՛ըսուի լրատուութեան մէջ:
Մինչ մասնագէտներ կը պարզեն վնասին չափը, ոստիկանութիւնը կը փնտռէ մեղաւորները: