ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ «Քատիր Հաս» համալսարանին իրականացուցած մէկ հարցախոյզին համաձայն՝ Թուրքիոյ քաղաքացիները երկրին վտանգ ներկայացնող երկիրներուն շարքին դասած են նաեւ Հայաստանը։
Անոնք ամենամեծ վտանգ ներկայացնող երկիրները կը համարեն՝ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը, Սուրիան, Հայաստանը եւ Յունաստանը։
Միացեալ Նահանգները վտանգ համարողներուն 34 տոկոսը այս հանգամանքը կը կապէ Սուրիոյ քիւրտերուն օգնելու որոշումին, 27 տոկոսը՝ Միջին Արեւելքի մէջ Ուաշինկթընի վարած քրտամետ քաղաքականութեան, իսկ 24 տոկոսը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Ուաշինկթընի ունեցած հայամէտ դիրքորոշումներուն։