ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած կառավարութեան խորհրդատուական բարձրագոյն մարմինի նիստին արդիւնքներէն մէկը եղաւ որոշումը՝ հիմնելու յատուկ մարմին մը, որ պիտի զբաղի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերով, կը հաղորդէ թրքական «Միլլիյէթ» թերթը։
Նոր կառոյցը պիտի զբաղի Հայոց Ցեղասպանութեան գծով նոր մարտավարութեան մշակումով, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ զարգացումներու պատասխան քայլեր կազմակեպելով։
Ըստ աղբիւրին՝ այս գաղափարը ծագած է 3 ամիս առաջ, իբրեւ պատասխան Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին հաստատումին եւ ամերիկեան դատարաններու մէջ Թուրքիոյ դէմ հայերու ներկայացուցած կամ ներկայացուելիք դատերուն հակադարձելու հրամայականին։