ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանը տեղեկացուցած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, թէ պիտի շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադառնալ՝ իբրեւ «Հայկական ջարդեր», հակառակ այն իրողութեան, որ Քոնկրեսին երկու ճիւղերը՝ Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտը, անցեալ տարի յստակօրէն ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ հաստատելով յաջորդաբար թիւ 296 եւ 150 բանաձեւերը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան քննադատեց այս քայլը, որուն իբրեւ «արդարացում» Քոնկրեսի գրադարանը իր 19 Յունիս թուակիր նամակին մէջ գրած էր, թէ այս հարցին մէջ կը հետեւի Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան օրինակին, հակառակ անոր որ, ինչպէս կառոյցին անունը կը թելադրէ, գրադարանը Քոնկրեսին հովանիին տակ կը գտնուի եւ ըստ սահմանադրութեան, երկրին գործադիր եւ օրէնսդիր մարմինները համահաւասար գործակիցներ են։
Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ այս սխալը սռբագրելու նպատակով սկսած իր նամակագրութեան արշաւին մասնակցի՝ այցելելով anca.org/library կայքէջը։