ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ բանտարկութիւնը իբրեւ խափանման միջոց կիրարկելու միջնորդութիւնը մերժելու՝ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ վերաքննիչ բողոք ներկայացուց: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութենէն:
Վերաքննիչ բողոքը 23 Յունիսին մուտքագրուեցաւ Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ: