Վերջին շաբաթներուն աշխարհասփիւռ հայութիւնը ականատես է Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ դրսեւորուած ատելի հրահրութեան եւ թշնամական գործողութիւններու՝ Թուրքիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Այս սադրանքներէն առաւել ուշագրաւները եղան Լիբանանի մէջ արձանագրուած հրահրութիւնները եւ բողոքի ցոյցերը, որոնք կազմակերպուած էին Անգարայի եւ հայ ազգին դէմ անոր ցեղասպանական մտադրութիւններուն դաշնակցած առանձին շրջանակներու կողմէ: Այս թշնամանքը ուշագրաւ ձեւով ծանուցուեցաւ նաեւ Էրտողանի կառավարութեան հրապարակային յայտարարութիւններուն ընդմէջէն, երբ դիտել տրուեցաւ, որ Թուրքիոյ Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդը հինգ ժամ տեւած նիստ մը յատկացուցած է՝ խոչընդոտելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացի, արդար եւ համապարփակ միջազգային լուծումին ուղղութեամբ «Հայկական լոպիին» յառաջխաղացքը: Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիա դարձած է աւելի ռազմատենչ՝ հետեւողականօրէն բարձրացնելով լարուածութիւնը, ձգտելով ահաբեկել Հայաստանը եւ Արցախը՝ ուղղակիօրէն ու անուղղակիօրէն՝ Ատրպէյճանի յարձակումներուն աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելով եւ պատմական հայկական Նախիջեւանը առաւել ռազմականացնելով: Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիա ընդարձակած է իր ապակայունացնող գործողութիւնները ամբողջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ:
Վերջին երեք տասնամեակներուն, իրավիճակը այնպիսին է, որ Անգարայի կողմէ իւրաքանչիւր հակահայ սրացումի Պաքուն համապատասխան անդրադարձ կ՛ունենայ իր յարձակողական քաղաքականութեամբ՝ սահմանային գրոհներով, զինադադարի խախտումներով, մարդկային իրաւանց ոտնահարումով, պատմական կեղծիքներով եւ ատելութեան հրահրումներով, որոնք վերջին շաբաթներուն դատապարտուեցան Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանին կողմէ։
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը, համագործակցաբար աշխարհասփիւռ իր ցանցին եւ համախոհ գործընկերներուն՝ կը շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ այս սադրանքներուն եւ անկասելի մնալ իր հիմնական առաքելութեան իրականացման մէջ՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ապահովութեան պահպանութիւն, աշխարհասփիւռ հայութեան շահերու պաշտպանութիւն եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի իրականացման հետապնդում։
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ