ԸՐՎԱՅՆ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ Հայագիտական ուսմանց կեդրոնը հաստուտած է, կը տեղեկացնէ համալսարանին մէջ գործող Մեղրունի ընտանիքի նախագահական հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան։
Կեդրոնը պիտի զարգացնէ համալսարանին տրամադրած հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ հայերէնի դասանիւթերը եւ զարկ պիտի տայ ուսումնասիրութիւններու եւ համայնքային գործունէութեան։
Պէրպէրեան կը յիշեցնէ, թէ վերջին քանի մը տարիներուն նաեւ կարելի եղած է համալսարանին մէջ հայագիտութիւնը դարձնել երկրորդական մասնագիտութիւն մը, ինչպէս նաեւ հարստացուած է հայագիտական նիւթերով հատորներու հաւաքածոն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել rakib.h@uci.edu հասցէին կամ (949) 824-1349 թիւին։