ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ «Քորոնա» ժահրի նոր օճախ յայտնաբերուած է։ Այս մասին յայտնեցին Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն:
Այդ օճախը կապ ունի Շուշիի մէջ հաստատուած պարագային հետ։ Երկու օճախներէն 6 քաղաքացիներու մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրը, իսկ ներկայիս աշխատանք կը տարուի վարակուած անձերուն շփման շրջանակը պարզելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ 2 Յուլիսի դրութեամբ՝ Արցախի մէջ այս ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 125ի՝ 6 նոր պարագաներով։ Մեկուսացման մէջ կը գտնուին 70 անձեր. մահեր չկան։