ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2 Յուլիսի կառավարութեան նիստին ընթացքին, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին, յատկապէս պատուաստանիւթերու հարցին՝ նշելով, որ աշխարհին մէջ արդէն կան առաւել քան 100 թեկնածու պատուաստանիւթեր, որոնք կը յաւակնին դառնալ վերջնական արդիւնք ունեցողներ: Ըստ նախարարին՝ անոնցմէ շուրջ 20ը աւելի շատ հաւանականութիւն ունին դառնալու հիմնական պատուաստներ։ «Պատուաստանիւթերը 3 փուլով են հետազօտւում շատ քիչ թուով անձանց վրայ, յետոյ մի քանի հարիւրի, ապա նաեւ տասնեակ հազարների: Այդ փորձարկումները ցոյց են տալիս, որ ամենայն հաւանականութեամբ լինելու են պատուաստանիւթեր եւ լինելու են մի քանիսը», ըսաւ ան։
Նախարարը հաստատեց, որ Հայաստան ներկայիս կը բանակցի քանի մը ուղղութիւններով: Առաջինը ուղիղ արտադրողներն են, որոնց հետ ինք անձամբ կը բանակցի. «Երէկ խօսել եմ «Մոտերնա» ընկերութեան կոմերցիոն (առեւտուրի-Խմբ.)տնօրէնի հետ, որը մեր հայրենակից Նուպար Աֆէյեանի հետ փոխկապակցուած ընկերութիւն է: Այդ պատուաստանիւթն ամենահաւանական թեկնածուներից մէկն է: Նաեւ բանակցում ենք Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, ԵՈՒՆԻՍԵՖի պլատֆորմների (հարթակներուն-Խմբ.) հետ, որ փորձելու են հաւաքական գնումներ իրականացնել: Այստեղ ամենամեծ վտանգն այն է, որ կարող են լինել երկրներ, որոնք միանգամից մեծ քանակի պատուաստանիւթ կը գնեն ու միւս երկրներին դա հասնի շատ ուշ: Ասենք, որոշ երկրների պատուաստանիւթը հասնի 2021ի սկզբին, իսկ միւս երկրներին` դրանից մէկ տարի յետոյ: Դրա համար շատ կարեւոր է բանակցութիւնները վարել հէնց այսօրուանից, նոյնիսկ դեռ չունենալով վերջնական արտադրանքը», յայտնեց նախարարը:
Ըստ Արսէն Թորոսեանի՝ տարբեր գնահատականներով, պատուաստանիւթը երկիրներու համար հասանելի պիտի ըլլայ կա՛մ այս տարուան աւարտին կա՛մ յառաջիկայ տարուան սկիզբը։ Ասիկա վերջնականապէս պիտի յստականայ աշնան սկիզբը, որովհետեւ, ըստ անոր, երրորդ փուլի հետազօտութիւններուն ամփոփումը պիտի կատարուի այն ատեն։ «Փաստը, որ դա լինելու է, եւ մենք վերադառնալու ենք մեր սովորական կեանքին, արդէն ուրախալի է: Պէտք է յետ չմնանք զարգացումներից», ըսաւ Թորոսեան:
Նշենք, որ 2 Յուլիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած 26,658ի, որոնց 15,036ը ապաքինած են։
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնէն հաղորդեցին, որ ներկայիս բուժում կը ստանան 11,010 վարակակիրներ, կան 593 նոր պարագաներ, 459 մահեր՝ 6ով աւելցած։
Առողջապահութեան նախարարը հաստատեց, որ հիւանդանոցներուն վերակենդանացման բաժանմունքները արդէն լեցուն են։ Ըստ անոր` իւրաքանչիւր հիւանդանոցի մէջ կան մէկ-երկու ազատ տեղեր, որոնք պիտի տրամադրուին ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներուն։