ՓԱՐԻԶ, «Նուվել Տ՛Արմէնի».- Անուշ Թորանեան 3 Յուլիսին նշանակուեցաւ Փարիզի նորընտիր քաղաքապետի օգնական-տեղակալներէն մէկը։
Ան ծագումով առաջին հայն է, որ նման բարձր պաշտօն կը ստանձնէ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ։
Նշենք, որ Ֆրանսայի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ան մասնակցած էր Փարիզի 15րդ վարչական շրջանի ընտրութեան՝ գլխաւորելով Փարիզի քաղաքապետ ընտրուած Անն Իտալկոյի ցանկը։
Անուշ Թորանեան ծնած է 1991ին։