ԼՈՆՏՈՆ.- 1 Յուլիսին, տեսակապի միջոցով գումարուեցաւ Բրիտանիա-Հայաստան խորհրդարանական նոր խումբին անդրանիկ հանդիպումը, որուն մասնակցաեցան նաեւ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ընթացքին խումբին ղեկավար ընտրուեցաւ Պահպանողական կուսակցութենէն երեսփոխան Թիմ Լոթըն:
Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս ներառուեցաւ խումբին մէջ՝ իբրեւ համանախագահ, իսկ անդամներն են՝ երեսփոխաններ՝ Էնտրու Ռոզինտել, Ճէյմզ Կրէյ, Մարք Փրիթչըրտ, Ֆերիըլ Քլարք եւ Ճէյմզ Միւրէյ:
Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Անեթ Մոսկոֆեան նշանակուեցաւ խումբին քարտուղարը: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ խումբին կողմէ կատարուելիք աշխատանքներուն եւ անոր հետապնդած նպատակներուն` ընդգծելով նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Խումբին նպատակը պիտի ըլլայ՝ զարգացնել հայ-բրիտանական խորհրդարանական կապերը եւ նպաստել երկկողմանի համագործակցութեան` առեւտուրի, զբօսաշրջութեան, կրթութեան զարգացման եւ այլ բնագաւառներու մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին, երեսփոխաններուն խնդրանքով, դեսպանատան ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի իրավիճակին եւ զայն յաղթահարելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն: