ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Պի.Պի.Սի.»․- Պելճիքայի Ֆիլիփ թագաւորը նամակ յղեց Քոնկոյի նախագահ Ֆելիքս Չիսեքետիին՝ երկրին՝ Պելճիքայէն անկախանալուն 60ամեակին առիթով: Թագաւորը իր նամակին մէջ կը դատապարտէ Քոնկոյի մէջ Լէոփոլտ Բ. թագաւորին ժամանակաշրջանին գործուած բռնութիւնները եւ դաժանութիւնները:
«Կը փափաքիմ խորին ափսոսանքս արտայայտել անցեալի վէրքերուն համար, որոնց ցաւը այսօր առաջուան պէս կը զգացուի, որովհետեւ մեր հասարակութեան մէջ խտրականութիւնը չէ ոչնչացուած», կը յայտնէ Ֆիլիփ թագաւորը՝ աւելցնելով. «Որպէսզի ամրապնդենք մեր կապերը եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն զարգացնենք, մենք պէտք է մեր հասարակաց անցեալին մասին իրարու հետ խօսինք ամենայն անկեղծութեամբ եւ անմիջականութեամբ»:
Ֆիլիփ պելճիքացի առաջին թագաւորն է, որ ափսոսանք կը յայտնէ այս հարցին վերաբերեալ:
Պելճիքայի ներկայ սերունդը Լէոփոլտ Բ. թագաւորը կը մեղադրէ ստրկացուած Քոնկոյի բնակիչներուն նկատմամբ ցուցաբերուած դաժան վերաբերմունքին համար, որ պատճառ դարցած էր տեղւոյն բնակչութեան ցեղասպանութեան` խլելով շուրջ15 միլիոն մարդոց կեանքը: