ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Մաշտոցեան Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնին հնատիպ գիրքերու ցուցասրահին կից բացուեցաւ Ղեւոնդ Ալիշանի 200ամեակին նուիրուած նոր ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են մատենադարանին մէջ պահուող Ալիշանի աշխատութիւններէն 15 գիրքեր:
Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901) այն հայ մտաւորականներէն է, որ իր կենդանութեան օրով արժանացած է համահայկական փառքի եւ սիրոյ ու կոչուած Հայոց Նահապետ:
Այս բնորոշումը առնուած է անոր «Նահապետի Երգեր» շարքէն, որ իր խոր հայրենասիրութեամբ, ստեղծագործութիւններուն լեզուով, նիւթի ընտրութեամբ, շարադրանքի ոճով եւ պատկերային առումով միանգամայն նորութիւն էր հայ բանաստեղծութեան մէջ:
Ալիշան նոյն ժամանակ բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ էր:
Հայր Ալիշան Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ էր 1838էն սկսեալ: Ուսանած է Կ. Պոլսոյ Չալըխեան վարժարանին (1830-32) եւ Վենետիկի Մխիթարեաններու վարժարանին մէջ (1832-41)։ 1841-50ին, ապա 1866-72ին եղած է ուսուցիչ (1848էն՝ տեսուչ) Վենետիկի Ռափայէլեան եւ 1859-61ին՝ Փարիզի Մուրատեան վարժարաններուն մէջ, 1849-51ին՝ «Բազմավէպ»ի խմբագիր, 1870էն վարած է միաբանութեան աթոռակալի պարտականութիւնը, 1872էն ետք ամբողջովին նուիրուած է գրական գործունէութեան:
Եղած է Ֆրանսական ակադեմիոյի Պատուոյ լեգէոնի դափնեկիր (1886), Իտալիոյ Ասիական ընկերութեան (1887), Մոսկուայի հնագիտական ընկերութեան (1894), Վենետիկի ակադեմիայի (1896), Ս. Փեթերսպուրկի կայսերական հնագիտական ընկերութեան (1896), Ենայի փիլիսոփայական ակադեմիոյ (1897) պատուաւոր անդամ եւ դոկտոր:
Ալիշանի գիտական-գեղարուեստական գործունէութիւնը սկսած է 1843էն՝ «Բազմավէպ»ի մէջ տպագրուած արձակ ու չափածոյ եւ գիտաճանաչողական գործերով, որոնց կարգին է անոր բանաստեղծական ժառանգութեան բարձրակէտը՝ «Նահապետի Երգերը»:
Ալիշան, միաժամանակ ըլլալով թէ՛ մեծ բանաստեղծ եւ թէ նշանաւոր գիտնական՝ իր գիտական ուսումնասիրութիւնները գրած է գեղարուեստական եւ պատկերաւոր շարադրանքով, իսկ բանաստեղծութիւններուն մէջ գեղարուեստական չափածոյով վերաշարադրած Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, գրական տարբեր հարցերուն վերաբերող զանազան հասկացութիւններ:
Իր թողած վիթխարի ժառանգութեամբ Ալիշան մեծապէս նպաստեց գրականութեան եւ շարք մը գիտակարգերու զարգացման։ Անոր գործերէն շատեր այսօր ալ ունին ճանաչողական արժէք եւ սկզբնաղբիւրի նշանակութիւն։