ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ստեփանակերտի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած նոր պարագայ մը հաստատուեցաւ։
Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ վարակակիրը բժշկական անձնակազմի անդամ է. ան կապ ունեցած է «Քորոնա»ով վարակուած անձի մը հետ։
Նոյն ժամանակ, Արցախի առողջապահական գերատեսչութեան համաձայն, մէկ հիւանդ ապաքինած է՝ վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 113ի:
Ընդհանուր առմամբ, Արցախի մէջ հաստատուած պարագաներուն թիւը 142 է: Ներկայիս մեկուսացման մէջ կը գտնուին 78 անձեր, հիւանդանոցային բուժման մէջ են 29 քաղաքացիներ:
Հիւանդներէն մէկուն առողջական վիճակը կը նկատուի ծանր, այլ հիւանդի մը՝ միջին ծանրութեան: «Քորոնա» ժահր ունեցող միւս վարակակիրներուն առողջական վիճակը բաւարար է:
Ընդհանուր առմամբ կատարուած են 2 հազար 468 քննութիւններ: