ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ներկայիս Հայաստանի մէջ չկայ «Քորոնա»ով վարակուած, հիւանդանոց տեղափոխելու կարիք ունեցող եւ տան մէջ սպասող հիւանդ: Կառավարութեան նիստին այս մասին տեղեկացուց վարչապետ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրին մասին դրական լուր հաղորդելը այդքան ալ ճիշդ չէ, որովհետեւ մարդոց զգօնութիւնը կը թուլնայ։ Վարչապետը յիշեցուց, որ շուրջ մէկ ամիս տեւողութեամբ կային տան մէջ սպասող հիւանդներ, սակայն ներկայիս չկան նման պարագաներ։
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ըսաւ, որ կան փոքր թիւով քաղաքացիներ, որոնց մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրը եւ անոնք պարզ հիւանդանոցներէն պէտք է տեղափոխուին այս ժահրին բուժման յատկացուած 13 հիւանդանոցներէն մէկը։ «Եթէ ամփոփ ասեմ, ապա վիճակը մնում է կայուն, ծանր, այսինքն՝ բացասական միտում չկայ, բայց էական դրական միտում էլ չկայ», շեշտեց նախարարը։
Վարչապետ Փաշինեան նոյն ատեն ընդգծեց, թէ վիճակը անկանխատեսելի է, եւ յառաջիկային կը նախատեսուի վերակենդանացման նոր բաժանմունքներու բացում «Էրեբունի» եւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցներուն մէջ։