ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութեան նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ այն դիտարկումներուն, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի կառավարութիւնը եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը բանակցին «Քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթ ձեռք բերելու համար, երբ անիկա տակաւին պատրաստ չէ։
«Ուզում եմ պարզաբանել, քանի որ ամբողջ աշխարհը սպասում է պատուաստանիւթի, մարդիկ գոյութիւն չունեցող, սակայն սպասուող պատուաստանիւթի ձեռք բերման համար հերթ են կանգնում, եւ կան երկրներ, որոնք գնում են իրականացրել, այսինքն՝ գումար են փոխանցել եւ ապագայ պատուաստանիւթն ահռելի քանակութեամբ ձեռք են բերել, ինչը մտավախութիւն է առաջացնում, որ խմբաքանակները կը յայտնուեն մի քանի երկրների ձեռքում», յայտնեց վարչապետը։
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան եւս ընդգծեց, որ խորքին մէջ պատուաստ կայ, եւ կան բազմաթիւ պատուաստանիւթեր: «Խօսքը վերջնական հաստատում ստանալու մասին է, ընկերութիւններ կան, որ տասնեակ հազարներով դրանք արտադրել են, եւ միայն հաստատում ստանալուց յետոյ արագ բաշխման մասին է խօսքը եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, վերջնական հաստատուածը լինելու է ոչ մէկը, այլ՝ մի քանիսը», շեշտեց նախարարը։
Արսէն Թորոսեան նշեց, որ ներկայիս զանազան երկիրներու տարրալուծարաններու եւ բժշկական հաստատութիւններու մէջ պատուաստի փորձարկումներ կը կատարուին։