ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները դատապարտեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ 12-13 Յուլիս ին տեղի ունեցած զինդադարի համաձայնութեան խախտումները, միաժամական ցաւ յայտնելով արձանագրուած մարդկային զոհերուն համար, ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն եւ վիրաւորներուն ընտանիքներուն: «Համանախագահները ուղիղ կապի մէջ են Հայաստանի եւ Ատռպէյճանի պաշտօնատարներուն հետ», կ՛ըսուի 13 Յուլիսին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Համանախագահները նաեւ կողմերուն կոչ ըրին ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ կացութեան վատթարացումը կանխելու համար, նոյն ժամանակ շեշտելով առարկայական բանակցութիւնները վերսկսելու եւ ԵԱՀԿի դիտորդներուն տարածաշրջան վերադառնալու կարեւորութիւնը, երբ հանգամանքները արտօնեն։